2014-10-11 09:08:41

Քանատայի առաջին եպիսկոպոս` Սպին Լավալի սրբադասումին գոհաբանական հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 12 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, տեղի կ՝ունենայ գոհաբանական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու ներկայութեամբ Քանատայի եպիսկոպոսաց դասին, գոհութիւն մատուցանելու առ Աստուծոյ՝ Քանատայի մէջ առաջին եպիկսոպոս սուրբ Ֆրանչիկսոս Լավալի, (1623-1708) սրբադասումին առիթով որ տեղի ունեցաւ անցեալ 3 ապրիլին, Ֆրանսական ''Օրսոլինա'' միաբանութեան անդամ սրբուհի Մարիա Տէլ Ինքարնացիոնէի հետ միասին։
Վերոյիշեալ արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Քէպէքէն եւ Ֆրանսայէն ժամանած 450 հաւատացեալներ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ կը համապատարագեն Քէպէքի առաջնորդ` Կարտինալ Ժէրարտ Լաքրուա եւ պատուիրակութեան անդամ եպիսկոպոսներն ու քահանաները։
Վերոյիշեալ սրբազան արարողութիւնը կ՛եզրափակէ ուխտագնացութիւն մը որ սկիզբ առած էր անցեալ 6 հոկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.